2015-11-07 08:47:00

Եկեղեցական 5-րդ ազգային ժողովը` ''Յիսուս Քրիստոսի մէջ նոր մարդկայնապաշտութիւնը''։


(Ռատիօ Վատիկան) Նոյեմբեր 9-13 Իտալիոյ ֆիրենցէ քաղաքին մէջ տեղի պիտի ունենայ Եկեղեցական 5-րդ ազգային ժողովը ''Յիսուս Քրիստոսի մէջ նոր մարդկայանպաշտութիւնը'' նիւթին մասին։

Ժողովը կը դիմագրաւէ մշակութային ու ընկերային անցքը որ կը յատկանշէ ներկայ ժամանակը ու մեծ ազդեցութիւն ունի անհատներու մտայնութեան ու բարքերու վրայ։ Այս ուղղութեամբ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը կը հրաւիրէ հաւատացեալը կարդալ ժամանակներու նշանները ու խօսիլ սիրոյ բարբառով զոր Յիսուս սորվեցուց մեզի։

Միմիայն այն եկեղեցին որ կը մօտենայ անհատին ու անոր իսկական կեանքին կարող է հաղորդել  հաւատքը։ Ժողովին կանչուած են Իտալիոյ թեմերու ժողովրդապետական ու հովուական խորհուրդները, աստուածաբանական ու կրօնական գիտութեանց հաստատութիւնները, աշխարհականներու առաքելութեան պատասխանատուները, եկեղեցական ընկերակցութիւններն ու շարժումները։ Ժողովին պատրաստութեան պատասխանատու Թորինօ թեմի առաջնորդը գերապայծառ Նոզիլիա։

10 Նոյեմբերին ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ֆիրենցէ կը հասնի մասնակցելու վերոյիշեալ ժողովին։ Այս առթիւ թեմին առաջնորդը կարդինալ Պեթորի` ռատիովատիկանի հետ ունեցած ելոյթով յայտնեց  որ ֆրանչիսկոս Պապը կու գայ որպէս Հայր մը։ Անոր այցելութեան յայտագիրը խիտ է ու հանդիպումներով հարուստ` եկեղեցական հասարակութեան հետ ու քաղաքացիական իշխանութիւններու հետ։

Նորին Սրբութիւնը մասնաւորապէս ուզած է հանդիպում ունենալու հիւանդներուն ու ընչազուրկներուն հետ։ Ան ապա  պատարագ պիտի մատուցանէ քաղաքին Մարզադաշտին մէջ որուն այնտեղ այս առթիւ զետեղուած պատարագի խորանը պատրաստուած է քաղաքի  բանտարկեալներու նախաձեռնութեամբ։

Քահանայապետը ապա թեմի աթոռանիստ Եկեղեցւոյ մէջ պիտի ընդունի անկար հիւանդները ու անոնց հետ պիտի աղօթէ։ Թեմի առաջնորդը մատնանշած է որ  ֆիրենցէ քաղաքը ֆրանչիսկոս Պապը պիտի ընդունի որպէս Հայր որ լաւապէս կը ճանչնայ ժողովուրդին տառապանքը ու անոր դժուարութիւնները։








All the contents on this site are copyrighted ©.